
ՊՆ-ն Հրապարակած է Թրքական F-16-ի Կողմէն Խոցուած Հայկական Ինքնաթիռին Լուսանկարները
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչին կողմէ խոցուած ՀՀ Զու ռազմաօդային ուժերու Սու-25 գրոհիչին լուսանկարները: Ինքնաթիռի մնացորդներուն լուսանկարները հրապարակուած են ՀՀ ՊՆ Facebook-ի էջին վրայ:
«Սեպտեմբեր 29-ի առաւօտեան, Ազրպէյճանի «Գեանջա» օդակայանին մէջ տեղակայուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող F-16 կործանիչներէն մէկուն կողմէ խոցուած է ՀՀ տարածքին վրայ գտնուող ռազմական եւ քաղաքացիական տարածքներու վրայ ազրպէյճանական յարձակումները ետ մղելու նպատակով ՀՀ օդային տարածքին՝ Վարդենիսի շրջանին մէջ, մարտական խնդիրները կատարող ՀՀ ԶՈւ ռազմաօդային ուժերու Սու-25 գրոհիչը: Զոհուած է ՀՀ ԶՈւ օդաչու փոխ-գնդապետ Վալերի Դանելինը»,- ըսուած է լուսանկարներուն կից կատարուած արձանագրութեան մէջ:
