Արցախի Մէջ Ազրպէյճանը Կրկին Կիրառած է Թրքական F-16 Ինքնաթիռներ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը, Սեպտեմբեր 30-ին, Արցախի ՊԲ հիւսիս-արեւելեան, իսկ ապա նաեւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ կիրառած է թրքական F-16 ինքնաթիռներ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Այս պահուն մարտագիծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակուին անմիջական մարտերը: Շարք մը ուղղութիւններում ՊԲ-ն ունի նկատելի յաջողութիւններ: Հակառակորդի մարդկային եւ ռազմաճարտարագիտական կորուստները կ՝աւելնան»,- նշած է Ստեփանեան: