
Վարդենիսի Մէջ Ազրպէյճանի Հարուածներուն Հետեւանքով Քաղաքացիական Անձ Մը Սպաննուած է. ՀՀ ԱԳՆ
Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Վարդենիսի շրջանի զինուորական եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն ուղղութեամբ՝ թիրախ դարձնելով քաղաքացիական բնակչութիւնը, որուն հետեւանքով սպաննուած է քաղաքացիական անձ մը: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան:
«ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր առաւօտեան տարածած էր յայտարարութիւն, ուր մատնանշած էր, որ Ազրպէյճանը ապատեղեկատւութիւն կը տարածէ՝ հող նախապատրաստելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վարդենիսի շրջանի ուղղութեամբ մարտական գործողութիւններ ձեռնարկելու համար:
Հաշուած վայրկեաններ անց, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Վարդենիսի շրջանի զինուորական եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ուղղութեամբ՝ թիրախ դարձնելով քաղաքացիական բնակչութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք սպաննուած է քաղաքացիական անձ մը:
Արհամարհելով ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան շարունակական կոչերը՝ Ազրպէյճանը Թուրքիոյ աշխոյժ քաջալերմամբ եւ ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ, կ՝ընդլայնէ ռազմական գործողութիւններու գօտին՝ անոր մէջ առնելով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը:
Տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը վտանգելու Ազրպէյճանի հետեւողական փորձերուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ պիտի տրուի համարժէք ռազմաքաղաքական պատասխան»,- նշած է Նաղդալեան: