
Մեր Ոգին Յանձնուիլ Չի Գիտեր. Կլենտէյլի Մէջ Ազրպէյճանի Սադրանքներուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր Կ՝ընթանան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայաշատ Կլենտէլ քաղաքին մէջ հարիւրաւոր հայեր բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ ի պաշտպանութիւն հայրենիքի սահմաններուն եւ ընդդէմ Արցախի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։
Սփիւռքի հայրենակիցները իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտած են, որ պատրաստ են ամէն վայրկեան կանգնելու Հայաստանի եւ հայ զինուորի կողքին, պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները, գլխաւոր ցանկութիւնը, կոչն է՝ խաղաղութիւնը: Անոնք շեշտած են, որ մինչեւ վերջին շունչը կանգնած են հայրենիքի կողքին, ամէն կերպ պիտի աջակցին:
«Ինչ ալ, որ ըլլայ, երբեք պիտի չի յանձնուինք, մեր ոգին յանձնուիլ չի գիտեր», «Եթէ պէտք ըլլայ, պատրաստ ենք, ժամանակը գայ, պիտի երթանք», «Այսօր իսկ պատրաստ եմ երթալու». այս եւ նմանատիպ այլ ուղերձներ հնչեցուցած են ցոյցին մասնակից հայերը:
Ցոյցի մասնակիցները կոչով դիմած են նաեւ իրենց քաղաքները ներկայացնող քոնկրեսականներուն, ծերակուտականներուն, նահանգային իշխանութիւններուն՝ պահանջելով, որ անոնք եւս դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս գան: