Թուրքիան Պէտք է Դադրեցնէ Իւրաքանչիւր Աջակցութեան Տրամադրում Ազրպէյճանին. ԱՄՆ Քոնկրեսական

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով կոմիտէի անդամ Ճէյսըն Քրոուն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի` Արցախի դէմ սանձազերծած գործողութիւնները եւ կոչ կ՝ընէ Թուրքիոյ չաջակցելու Ազրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

«Ես կը դատապարտեմ ազրպէյճանական յարձակումները Արցախի վրայ եւ կոչ կ՝ընեմ անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնները: Աւելին, Թուրքիան պէտք է  դադրեցնէ ցանկացած աջակցութեան եւ յարձակման հնարաւորութեան ընձեռում Ազրպէյճանին: ԱՄՆ պէտք է  աշխատի Մինսկի խումբի մեր գործընկերներուն հետ հրադադար սահմանելու համար, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն պիտի ապահովէ»,- նշած է քոնկրեսականը: