
Գիշերուան Ընթացքին Հակառակորդը Կրած է Շուրջ 60 Կենդանի Ուժի Կորուստ. Խուճապահար Փախուստի Պատկերներ
Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ամբողջ գիշեր ընթացած են յամառ մարտեր: Այս մասին, մամուլի ասուլիսին ժամանակ ըսաւ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Հակառակորդը զրահամեքենայի, ԱԹՍ-ներու, հրետանիի հուժկու կրակի տակ կրկին փորձած է հարուածներ հասցնել յատկապէս հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Ազրպէյճանական կողմը այդ ընթացքին ունեցած է շուրջ 60 զինծառայողի կորուստ, ինչպէս նաեւ ոչնչացուած է հակառակորդի զինամթերք: Այս պահուն դեռ մարտերը կը շարունակուին»,- նշեց Յովհաննիսեան: