
Արցախի ՊՆ-ն Կը Հերքէ Մարտունիի Զօրամասին Շարքէն Դուրս Գալու Մասին Ազրպէյճանի Տարածած Կեղծիքը
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ազրպէյճանի հերթական ապատեղեկատւութիւնը ազրպէյճանական բանակի հարուածներուն հետեւանքով Մարտունիի զօրամասի ամբողջութեամբ շարքէն դուրս գալուն մասին:
«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակին տարածած տեղեկատւութիւնը, թէ իբր ազրպէյճանական բանակի հարուածներուն հետեւանքով Մարտունիի զօրամասը ամբողջութեամբ շարքէն հանուած է բացարձակ ապատեղեկատւութիւն է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան: ՊԲ բոլոր զօրամասերը կը շարունակեն մնալ շարքի մէջ եւ իրենց յստակ գործողութիւններով կործանիչ հարուածներ կը հասցնեն նախայարձակ հակառակորդին»,- ըսուած է ՊԲ հաղորդագրութեան մէջ։