
Ազրպէյճանի Կողմէ ՏՕՍ-ի, Սմերչի Կիրառումը Կը Փոխէ Ռազմական Գործողութիւններուն Ծաւալը. ՀՀ ՊՆ
Ազրպէյճանական կողմը Սեպտեմբեր 29-ի վաղ առաւօտեան վերսկսած է լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւնները Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանական գիծի գրեթե ողջ երկայնքով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը՝ ընդգծելով, որ մասնաւորապէս, յարձակողական գործողութիւններու ընթացքին առանձին ուղղութիւններով կ՝օգտագործեն ՏՕՍ-1Ա ծանր հրանետային համակարգեր:
«ՏՕՍ, Սմերչ եւ մեծ տրամաչափի այլ համակարգերու կիրառումը կը փոխէ ռազմական գործողութիւններու տրամաբանութիւնն ու ծաւալը՝ զայն բարձրացնելով նոր մակարդակի: Այս կապակցութեամբ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ հայկական զինուած ուժերը ստիպուած են օգտագործել ՝ մեծ մակերեսներու վրայ կրակային խոցման եւ ատոր իբրեւ արդիւնք կենդանի ուժի, ինչպէս նաեւ շարժական եւ անշարժ գոյքի ոչնչացման մեծ ազդեցութիւն ունեցող սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու տեսակներ: Այս պահուն պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները վստահօրէն ետ կը մղեն թշնամիի յարձակման բոլոր փորձերը՝ պատճառելով ռազմամթերքի եւ մարդկային ուժի ծանր կորուստներ»,- կը նշէ ՀՀ ՊՆ խօսնակը: