​Ո՜վ Տէր, Եղիր Պահապան Մեր Զինուորներուն. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Ո՜վ Տէր, Բեթղեհէմի հաւատքին բացուող առաջին ժողովուրդը եղանք։​

Դարե՜ր շարունակ պատմութեան խաւարին ու չարին դէմ ամուր պահեցինք մեր հաւատքը՝ կենդանի ու արեան նահատակութեամբ։​ Այսօր նոյն հաւատքով արիացած մեր զինուորները քաջօրէն կը պաշտպանեն քրիստոնէական հաւատքի ու արժէքներուն փարոսը դարձած Հայաստանը ու Արցախը եւ նոյն հաւատքին ու արժէքներուն ջահակիրը դարձած հայ ժողովուրդը։

​Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։

Սեպտեմբեր 28, 2020

Արամ Ա. Կաթողիկոս