
Շուէտի Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւորը Աշխարհին Կոչ Կ՝ընէ Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակումը
Շուէտի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Արին Կարապետը Շուէտին եւ ողջ աշխարհին կոչ կ՝ընէ դատապարտելու Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակումը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, պատգամաւորը գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ:
«Հայրերը, որդիներն ու եղբայրները հիմա կը պատրաստուին հրաժեշտ տալու իրենց մտերիմներուն եւ այդ հրաժեշտը կրնայ անոնց կեանքին վերջինը ըլլալ: Այդպիսին է իրականութիւնը, որմով իմ հարազատները առաւօտեան արթնցած են Հայաստանի մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր ռազմական յարձակումէն ետք, որուն իբրեւ արդիւնք զոհուած են խաղաղ բնակիչներ: Մինչեւ ե՞րբ երեխաները պիտի կորսնցնեն իրենց հայրերը, որքա՞ն մայրեր, քոյրեր եւ կանայք սգաւոր պիտի դառնան: Պատերազմը միայն վիշտ կը բերէ, տառապանք, աւերածութիւններ եւ մարդկային կորուստներ»,- գրած է Կարապետ:
Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւորը նշած է, որ յարձակումն ու պատերազմի հրահրումը, որուն հիմա մենք ականատես կ՝ըլլանք, յղի են աղետալի հետեւանքներով:
«Հակամարտութիւնը վառոդի տակառ է, որ կը սպառնայ հարեւան երկիրները ներգրաւել տարածաշրջանային մեծ պատերազմի մէջ: Այդ պատճառով Շուէտը եւ ողջ աշխարհը պէտք է դատապարտեն Ազրպէյճանի յարձակումը, կողմերուն կոչ ընեն հանդարտելու եւ գործելու յանուն խաղաղութեան: Հանդիսանալով ԵԱՀԿ յաջորդ նախագահող երկիրը, Շուէտը կրնայ ընել այնպէս, որ երկիրները դուրս գան պատերազմի ճանապարհէն եւ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն շուտով պիտի ուղեւորուի Կովկաս, որպէսզի քննարկէ հակամարտութեան հարցը: Անկէ ետք պէտք է յարձակումն ու բռնութիւնը դատապարտուին եւ սկսի երկխօսութիւնը»,- նշած է պատգամաւորը:
Արին Կարապետ աւելցուցած է, որ իրավիճակը լուրջ է եւ կարելի չէ ժամանակ կորսնցնել, պէտք է գործել հիմա: