Մենենտեզ Արցախի Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակումը Կը Համարէ Թուրքիոյ Կողմէ Աջակցութիւն Ստացած Գործողութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Ծերակուտական Պոպ Մենենդեսը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի մարտական գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Մենենտեզ այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին:

«Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Ազրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Սա Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացած եւս մէկ գործողութիւն է: Թրամփի վարչակազմը պէտք է դադրեցնէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճանին օգնութիւն ցուցաբերելը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջոցով նպաստէ հրադադարի հաստատման»,- նշած է ան: