Հայկական Կողմը Ունի Մօտ 200 Վիրաւոր. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Հայկական զինուած ուժերը արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ կը վարեն յամառ ու հերոսական մարտեր:

Այս մասին, այսօր հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, ըսաւ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Ազրպէյճանական կողմը առաւօտ կանուխ կիրառած է հրետանային միջոցներ, նաեւ՝ ծանր հրետանիներ: Մեր նոր զոհերուն մասին արդէն տեղեկացուցած ենք, այլ տեղեկութիւններ կը ճշտուին: Այս պահու դրութեամբ ունինք մօտ 200 վիրաւոր, որոնց մէկ մասը տեղափոխուած է Երեւան: Բոլորը պատշաճ բժշկական վերահսկողության ներքոյ են: Վիրաւորները զինուորական եւ քաղաքացիական հիւանդանոցներու մէջ են»,- նշեց Յովհաննիսեան: