Հայկական Կողմը Որոշ Հատուածներու Վրայ Դիրքային Բարելաւում Արձանագրած է. ԱՀ ՊԲ Հրամանատարի Հեղակալ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ դիրքային փոփոխութիւններ, բնականաբար, եղած են: Ըստ Armenpress.am-ի՝ մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՀ ՊԲ հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան:

«Դիրքային  փոփոխութիւններ, բնականաբար եղած են: Գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած են յամառ մարտեր, որոշ հատուածներու վրայ դիրքերը վերականգնուած են: Համազօրային ժամանակակից մարտին մէջ՝ օգտագործելով արդի սպառազինութիւնը, ընթացքը անընդհատ կ՝աճի եւ ժամ առ ժամ դիրքային փոփոխութիւն տեղի կ՝ունենայ»,- ըսած է Սարգսեան: