Թշնամին Ամենուրէք Կը Տապալուի Մեր Ոտքերուն Տակ. Արցախի Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Հազարաւոր կամաւորականներ Արցախէն եւ Հայաստանէն արդէն համալրած են Պաշտպանութեան բանակի շարքերը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

«Յարգելի ՛ հայրենակիցներ, հազարաւոր կամաւորականներ արդէն համալրած են Պաշտպանութեան բանակի շարքերը: Թէեւ պաշտօնապէս զօրահաւաք յայտարարած եմ, բայց յաճախ անոնք աւելի շուտ կը հասնին զինուորական գրասենեակներ, քան անոնց այդ մասին կը տեղեկացնեն: Բազմաթիւ են Մայր հայրենիքէն ժամանողները, հարիւրաւոր յայտեր ունինք նաեւ Սփիւռքէն: Այն միասնութիւնն ու հաւաքական կամքը, որ կը դրսեւորեն մեր հայրենակիցները, անկասելի կը դարձնեն մեր յաղթանակին ընթացքը»,- գրած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը ընգծած է` յաղթանակը մերն է:      

«Այսօր, քան երբեւէ հզօր ենք՝ մեր լեռներուն պէս, իսկ թշնամին ամենուրէք կը տապալուի մեր ոտքերուն տակ»,- նշած է նախագահը: