
Անհրաժեշտ է Անյապաղ Վերականգնել Հրադադարը եւ Վերադառնալ Բանակցային Գործընթացին. ՀԱՊԿ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ)տարածած է յայտարարութիւն, ուր անդրադարձած է ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին: ՀԱՊԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
«ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Սեպտեմբեր 27-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուած հակամարտութեան վերսկսման առնջութեամբ, որուն հետեւանքով երկու կողմերն ալ ունին զոհեր եւ վիրաւորներ, ներառեալ՝ խաղաղ բնակչութեան մէջ: Խախտած է հրադադարիը, կ՝օգտագործուի ծանր սպառազինութիւն, ինչպէս՝ հրետանի, հրասայլեր, օդանաւեր, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: Ստեղծուած իրավիճակը չի նպաստեր 1994-ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծիրէն ներս ուժ չկիրառելու վերաբերեալ փոխադարձ պարտաւորութիւններու կատարման:
Անհրաժեշտ է անյապաղ վերականգնել հրադադարը եւ վերադառնալ բանակցային գործընթացին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է միայն քաղաքական-դիւանագիտական մեթոտներով:
Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը, ՀԱՊԿ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ մէկ անգամ չէ, որ կողմերուն կոչ ըրած են խնդիր յառաջացած իրավիճակներուն ժամանակ կարգաւորման հասնիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ զերծ մնալ սադրիչ գործողութիւններէն՝ լարուածութենէն խուսափելու համար»: