
ՊԲ Ստորաբաժանումները Յաջողութեամբ Ետ Կը Մղեն Ազրպէյճանի Գրոհները. Հակառակորդը Կորուստներ Ունի
ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները յաջողութեամբ ետ կը մղեն Ազրպէյճանի զինուժի ձեռնարկած գրոհները, հակառակորդը ունի կորուստներ: Այս մասին կը յայտնէ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով Ազրպէյճանի զինուժի ձեռնարկած գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ յաջողութեամբ ետ կը մղուին։ Հակառակորդը ունի կորուստներ»,- նշած է Ստեփանեան: