
ՊԲ-ն Լիովին Կը Վերահսկէ Իրավիճակը. Վահրամ Պօղոսեանը Մանրամասներ Ներկայացուցած է (Տեսանիւթ)
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը լիովին կը վերահսկէ իրավիճակը։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, «Տեղեկատուական շտաբ»-ի մէջ կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին ըսած է ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Վահրամ Պօղոսեանը:
Անոր խօսքով՝ այսօր՝ վաղ առաւօտեան, ազրպէյճանական կողմը ռազական գործողութիւններ սկսած է արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծի ողջ երկայնքով: Բացի սահմանային հատուածներէն, հակառակորդը թիրախ դարձուցած էր խաղաղ բնակավայրերը, ինչպէս՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ Շուշի քաղաքը, եւ, ըստ Վ. Պօղոսեանի, քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կան տասնեակ վիրաւորներ եւ երկու զոհ՝ տատ ու թոռ Մարտունի քաղաքին մէջ: «Այս պահու դրութեամբ հակառակորդը կը շարունակէ անմիջական կրակ վարել սահմանագիծին ամբողջ երկայնքով: Քիչ առաջ հակառակորդին կողմէ տարածուած այն տեղեկատւութիւնը, որ իբր թէ քանի մը բնակավայրեր գրաուած են, ապատեղեկատւութիւն է: Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն եւ զօրահաւաք: Վաղ առաւօտեան կայացած է Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը, ուր Հանրապետութեան Նախագահը հանդէս եկած է ելոյթով: Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը վերահսկելի է, եւ բոլոր ջանքերը պէտք է գործադրենք, որպէսզի այս իրավիճակը կարենանք յաղթահարել: Այս պահուն բազմաթիւ զանգեր ունինք ինչպէս մայր հայրենիքէն, այնպէս ալ Սփիւռքէն: Բոլորին կոչ կ՝ընենք իրականացնելու համազգային զօրաշարժ, որպէսզի կարենանք ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այս անգամ յաղթանակով դուրս գալ այս իրավիճակէն»,- մանրամասնած է Վ. Պօղոսեան: Ան նշած է, որ ժողովուրդին մէջ որեւէ խուճապ չկայ, բոլորը կը գտնուին հիմնական ապաստարաններու մէջ՝ հաշուի առնելով, որ հակառակորդը թիրախ դարձուցած է նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:
П |