
Հայկական Կողմը Ոչնչացուցած է Հակառակորդի 4 Ուղղաթիռ, Շուրջ 15 ԱԹՍ, 10 Հրասայլ եւ Հետեւակի Մարտական Մեքենայ
Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ուղղութեամբ սանձազերծուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանական կողմը ունի կենդանի ուժի եւ զրահամեքենայի մեծ կորուստներ, Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ ոչնչացուած են հակառակորդի 4 ուղղաթիռ, շուրջ 15 ԱԹՍ, ներառեալ՝ հարուածային, 10 հրասայլ եւ հետեւակի մարտական մեքենայ: ՊԲ կորուստները կը ճշտուին: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: