
Արցախի Քաղաքացիներուն Մէջ Կան Տասնեակ Վիրաւորներ
Ազրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մէջ կան տասնեակ վիրաւորներ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան՝ զրուցելով Armenpress.am-ի հետ։
«Մենք այս պահուն ունինք տասնեակ վիրաւորներ քաղաքացիներուն մէջ։ Հակառակորդը մեծ մասամբ զարկած է հրետանիի միջոցով եւ քաղաքացիական բնակավայրերու վրայ։ Ցաւոք՝ ունինք նաեւ 2 զոհ՝ մէկ կին եւ մեկ երեխայ»,- նշած է Պօղոսեան։
Անոր խօսքով՝ վիրաւորները ստացած են տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ։