
Պաքուն Պէտք Է Ճանչնայ Արցախի Ժողովուրդին Կողմէ Իրացուած Ինքնորոշման Իրաւունքի Փաստը. Արցախի ԱԳՆ
Եթէ ազրպէյճանական իշխանութիւնները իրապէս հետաքրքրուած են տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատմամբ, ուրեմն անոնք պէտք է հրաժարին ռազմական մարտահրաւէրի եւ սպառնալիքներու քաղաքականութենէն, ճանչնան Արցախի ժողովուրդին կողմէ իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի փաստը եւ նստին բանակցային սեղանի շուրջ՝ իրենց իսկ կողմէ սանձազերծուած զինուած հակամարտութեան հետեւանքով առաջացած խնդիրներուն լուծում գտնելու նպատակով։ Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ։
«Սեպտեմբեր 21-ին Ազրպէյճանի նախագահը, տեսաձեւաչափով ելոյթ ունենալով ՄԱԿ Գլխաւոր ասամպլէայի 75-րդ նստաշրջանին, հերթական անգամ հնչեցուցած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ ազրպէյճանական կողմի անհիմն ենթադրութիւնները, որոնք բազմաթիւ անգամ հերքուած են։ Յատկանշական է, որ ՄԱԿ-ի մէջ ելոյթին նախորդած էր Սեպտեմբեր 19-ին «Ապշերոն» հանքավայրին մէջ իրականացուած ձեռնարկին ծիրէն ներս Ազրպէյճանի նախագահի` բովանդակային առումով նոյնատիպ յուզական հարցազրոյցը։
Հարցազրոյցին ընթացքին ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն շփոթի աստիճանը այն պայմաններուն մէջ, երբ մարտահրաւէրի եւ սպառնալիքներու վրայ հիմնուած Պաքուի վաղեմի ռազմավարութիւնը ապացուցած է իր սնանկութիւնը եւ ամբողջութեամբ սպառած է ինքզինք:
Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան էութիւնը խեղաթիւրելու, լիարժէք ձեւաչափով բանակցութիւններու վերականգնումը խոչընդոտելու, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ տարածքային պահանջները արդարացնելու նպատակով միջազգային իրաւունքի չափանիշները կանխակալ մեկնաբանելու եւ նոր յարձակում սանձազերծելու իրաւունք վերապահելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններու բազմամեայ փորձը հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը հասցուցած է այն իրավիճակին, ուր այժմ կը գտնուի ան, ինչը, սակայն, պաշտօնական Պաքուին որեւէ լրացուցիչ քաղաքական շահաբաժին չապահովեց: Նոյնքան անարդիւնաւէտ էին Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ յայտարարուած՝ Հայաստանը եւ Արցախը մեկուսացնելու, հայկական երկու պետութիւններուն տնտեսական աճին խոչընդոտելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրէն ներս կրօնական թեման շահարկելու փորձերը։
Ակնյայտ է, որ, զրկուելով իր հիմնական գործիքէն՝ սպառնալիքի եւ ուժային ճնշման միջոցով հասնիլ միակողմանի փոխզիջումներու, պաշտօնական Պաքուն յայտնուած է իր յարմարաւէտութեան գօտիէն դուրս եւ կը փորձէ վերադառնալ այն իրավիճակին, որուն ընտելացած է՝ զօրացնելով ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը՝ ուղղուած ոչ միայն հայկական երկու կողմերուն, այլեւ, ընդհանրապէս՝ կարգաւորման գործընթացին դէմ։
Եթէ ազրպէյճանական իշխանութիւնները իրապէս հետաքրքրուած են տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումով, ուրեմն անոնք պէտք է հրաժարին ռազմական մարտահրաւէրի եւ սպառնալիքներու քաղաքականութենէն, ճանչնան Արցախի ժողովուրդին կողմէ իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի փաստը եւ նստին բանակցային սեղանի շուրջ՝ իրենց իսկ կողմէն սանձազերծուած զինուած հակամարտութեան հետեւանքով առաջացած խնդիրներուն լուծում գտնելու նպատակով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։