Անյայտ Անձը Կրակած է Սան Ֆրանսիսքոյի Հայկական Դպրոցի Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Սփիւռք

Մէկ ամիս դեռ չանցած, երբ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը յարձակման ենթարկուած է. օրերս ան կրկին թիրախի տակ առնուած է: «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան տուեալներուն համաձայն, Շաբաթ առաւօտեան անյայտ մէկը կրակած է դպրոցի ուղղութեամբ եւ վնասած ցուցանակը: Կրակոցներուն հետեւանքով, բարեբախտաբար,  ոչ ոք տուժած է:

Յուլիսին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը յարձակման ենթարկուած էր` պատերուն գրուած էին հայհոյանքներ եւ պատկերուած էր Ազրպէյճանի դրօշը:

Օրեր առաջ հրկիզուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ օժանդակ կառոյցը: Շէնքին մէջ կը գործէին «Վասպուրական» սրահը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ շարք մը այլ միութիւններու գրասենեակներ: Այս դէպքերէն ետք դպրոցին մօտ իրաւապահները կը հսկեն: Անոնք անմիջապէս որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած են, սակայն դեռ  կասկածեալներ չեն յայտնաբերուած: Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ քայլեր կ՛առնուին համայնքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար: