
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանը Կը Զօրակցի Շտապ Օգնութիւն Լիբանանի Դրամահաւաքին Աւելի Քան $125,000 Նուիրատւութեամբ
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային վարչութիւնը տասը օրեր առաջ սրտագին կոչով մը դիմած էր իր անդամներուն եւ մեր համայնքին՝ Օգոստոս 4, 2020ի պատահած ահաւոր պայթումին համար օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերուն, անդամուհիներուն եւ նուիրատուներուն, ովքեր սրտագին եւ լիաբուռն մասնակից դարձան մեր կոչին ու այս արագ նախաձեռնութեան համար կարողացանք հանգանակել յաւելեալ նուիրատւութիւններ ու գումարը բարձրացաւ աւելի քան $125,000ի, որ անյապաղ կը փոխանցուի Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջոցով:
Նուիրատւութիւնները կը շարունակուին առցանց՝ այցելել նշելով Լիբանանի աղէտներու օժանդակութիւնը, իսկ վճարման գիրը կարելի է ուղարկել ՀՕՄ-ի Շրջանային կեդրոնատեղին՝ հասցէ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202.
Հեռաձայն՝ (818) 500-1343
Հայ Օգնութեան Միութեան
Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն
ARS-WUSA Donations for Emergency Appeal for Lebanon