Lիբանանահայերուն Աջակցելու Համար Արցախի մէջ Դրամահաւաք Սկսած է

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր` Օգոսոտոս 12-ին, տեղի ունեցած է ԱՀ Նախագահի հրամանով ձեւաւորուած Լիբանանի հայկական համայնքին ֆինանսական եւ նիւթական օգնութեն շտապի անդրանիկ նիստը:

Շտապի ղեկավար ԱՀ նախագահի գլխաւոր խորհրդական – յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունցը նշած է, որ, հաշուի առնելով լիբանանահայութեան պահանջները, ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար բացի պարէնային աջակցութենէն, մեկնարկած է նաեւ դրամահաւաք: Անոր խօսքով` ԱՀ ելեւմուտքի նախարարութեան գանձապետարանին մէջ արդէն իսկ բացուած են հաշուեհամարներ եւ բոլոր պետական եւ ոչ պետական կազմակերպութիւնները, գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները, անհատ-քաղաքացիները Օգոսոտոս 12-էն սկսած կրնան այդ հաշուեհամարներուն փոխանցել իրենց նուիրատուութիւնները:

Նուիրատւութիւն կարելի է ընել նաեւ SMS-ով՝ «Ղարաբաղ տելեկոմ» ընկերութեան բաժանորդները կրնան 1208 կարճ հեռախօսահամարին (մէկ հաղորդագրութեան արժէքը 250 ՀՀ դրամ է) հաղորդագրութիւն ուղարկել` նշելով նուիրատուի անուն ազգանունը:

Դրամահաւաքը պիտի տեւէ շուրջ մէկ ամիս եւ պարբերաբար հանրութեանն այդ մասին հաշուետուութիւն պիտի ներկայացուի: Այդ առիթով բացուած է նաեւ « #Արցախի_Ժողովրդից լիբանանահայերին» ֆէյսպուքեան էջը, ուր պիտի տեղադրուին շտապի գործունէութեան մասին իրազեկման եւ տեղեկատուական նիւթեր:

ԱՀ ելեւմուտքի նախարարութեան բացած հաշուեհամարներ են՝ «Արցախբանկ»-ի միջոցով.

AMD 22300612211100
USD 22300110153200
EUR 22300200153300
RUB 22300400153100