
ՀՅԴ Իրանի Հարաւային Շրջանը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանահայութեան
ՀՅԴ Իրանի Հարաւային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայութեան` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ անոր պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ վնասներուն առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Իրանի Հարաւային շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի ժողովուրդին եւ լիբանանահայութեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցածին հետեւանքով արձանագրուած կորուստներուն եւ վնասներուն առնչութեամբ:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն:
Անկախ այն հանգամանքէն, որ լիբանանահայութիւնը վերապրելով Ցեղասպանութենէն մեծ փորձութիւններու մէջէ անցած է եւ կ՝անցնի` սկսեալ քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ վերջին ժամանակներուն տնտեսական աննախընթաց անկման հետեւանքով յառաջացած ճգնաժամն ու անոր զուգահեռ համավարակի հետ կապուած դժուարութիւնները, սակայն միշտ ըլլալով պատնէշի վրայ, իր առաւելագոյնը նուիրաբերած է հայ ժողովուրդի համահայկական կարիքներուն ուղղութեամբ: Թէեւ լիբանանահայերը այս անգամ կանգնած են աննախընթաց եւ լրջագոյն մարտահրաւէրի առջեւ, սակայն կասկած չկայ, որ ինչպէս միշտ սոյն կազմակերպուած ու միասնական համայնքը պիտի յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները:
Մենք բոլոր հնարաւորութիւններով պատրաստ ենք օժանդակելու Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն:
ՀՅԴ ԻՐԱՆԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ