
ՀՀ-ն Լիբանան Պիտի Ուղարկէ Դեղորայք, Բժշկական Սարքեր, Սնունդ եւ Այլ Պարագաներ․ Մանէ Գէորգեան
ՀՀ կառավարութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջոցով՝ մշտական կապի մէջ է Լիբանանի կառավարութեան եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու հետ՝ մեր երկրէն եղբայրական Լիբանանին օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանի Facebook-ի էջին կատարուած գրառումէն։
«Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք յստակացած են կարիքներու հիմնական ուղղութիւնները, որոնց ծիրէն ներս ՀՀ կառավարութիւնը թիրախային օգնութիւն պիտի հասցնէ Պէյրութ՝ ինչպէս կառավարական, այնպէս ալ համայնքային մակարդակով:
«Օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ դեղորայքի, բժշկական սարքերու, սնունդի եւ այլ պարագաներու տեսքով: ՀՀ կառավարութեան օգնութիւնը տեղ պիտի հասնի հնարաւորինս արագ՝ յատուկ թռիչքով»,- գրած է վարչապետի խօսնակը: