
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Ութերորդ Համարը
Օգոստոս 1-էն համացանցի վրայ է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ համարը : Ամսագիրը թերթելով նկատելի է, որ հիմնականին մէջ ներկայացուած են Սեւրի պայմանագրի թեման եւ երիտասարդութեան նուիրուած հրապարակումներ:
Երիտասարդութեան թեման տեղ գտած էւ Վաչէ Բրուտեանի հեղինակած առաջնորդող յօդուածին մէջ, որուն կիզակէտն է 1970-ականներին Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած վերազարթօնքի շարժումը եւ ազգային իրաւունքներու համար պահանջատիրական նորօրեայ պայքարը:
Սեւրի Դաշնագրի հարիւրամեակին գծով, հրատարակուած են մի քանի հետաքրքրական յօդուածներ.-
Սեդօ Պոյաճեան. «Սեւրի դաշնագիրը Հայոց ազգային ուխտին պատուանդանն է»
Արամ Սայեան. «Սեւրը և քրտերը»
Մելինէ Անումեան. «Թուրքիոյ մղձավանջը. Սեւրի պայմանագրի շուրջ թրքական «գիտական» շրջանակների նոր մօտեցումները»
Վրէժ-Արմէն. «Սեւրէն մինչեւ Տաւուշ»:
Տաւուշի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած ռազմական բախումին մասին, մեկնաբանած է ռազմական վերլուծաբան Արթուր Եղիազարեանը:
Ամբողջական համարը կրնաք կարդալ հետեւեալ յղումով։