Գիշերը Մոսկուայի Մէջ Ձերբակալուած Է Հայերու Վրայ Յարձակում Գործած Աւելի Քան 50 Ազրպէյճանցի

Աշխարհ, Սփիւռք

Մոսկուայի յատուկ ջոկատայինները երէկ գիշեր ձերբակալած են աւելի քան 50 ազրպէյճանցի։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ Ռուսաստանի Հայերու Միութիւնը։

Մոսկուայի մէջ, գիշերը, ազերիները յարձակումներ գործած են հայերու վրայ: Անոնք նոյնիսկ ծեծած են ատրպէյճանցի մը՝ շփոթելով հայու հետ։

Ռուսաստանի հայերու միութիւնը կը հորդորէ ըլլալ զգօն եւ չտրուիլ սադրանքներու: