
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Ընդունեց Արցախին Օգնութիւն Տրամադրելու Վերաբերեալ Փոփոխութիւնը
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը՝ ձայներու մեծամասնութեամբ՝ ընդունեց Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծման համար օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ փոփոխութիւններուն նախագիծը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբէն:
Նախագիծը կը նախատեսէ 1,4 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրել Արցախին՝ շարունակելու HALO Trust-ի՝ կեանքեր փրկող ականազերծման աշխատանքները: Արցախին օգնութեան վերաբերեալ փոփոխութիւնը ընդունուած է իբրեւ փոփոխութիւններու աւելի մեծ խումբի մաս:
2021-ի արատասահմանեան օգնութեան օրինագիծի ոչ մէկ փոփոխութիւն այնքան աջակից չէ ունեցած, որքան Արցախին օգնութեան տրամադրման հարցը:
HALO Trust-ը Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծումով կը զբաղի 2001-էն ի վեր:
Արցախին օգնութիւն տրամադրելու հարցը երկար ժամանակ յարձակման կ՝ենթարկուէր Ալիեւի վարչակարգին կողմէ: Սակայն, ANCA-ի առցանց բաժիններուն միջոցով, տասը հազար փաստաբան կապ հաստատած է Քոնկրէսի հետ՝ Արցախի մէջ ականազերծման համար ԱՄՆ օգնութեան շարունակականութիւնը ապահովելու կոչով: Բազմաթիւ մարդիկ նոյնպէս օգտուած են ANCA-ի գործիքներէն՝ օրէնսդիրներու հետ կապուելու համար:
ANCA-ն այժմ կ՝աշխատի Ծերակոյտի ղեկավարներու հետ` Արցախի օգնութեան հարցը ներառելու 2021-ի արտասահմանեան օգնութեան օրինագիծի իրենց տարբերակին մէջ, որ տակաւին պէտք է ընդունուի յատկացումներու յանձնաժողովին կողմէ: