ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Անդամները Հալէպի Մէջ Մասնակցած Են Զոհուած Զինուորներու Յիշատակի Պատարագին
Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող
Հայաստանի խումբի անդամները մասնակցած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար մատուցուած սուրբ պատարագին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ
Հումանիտար Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոն ՊՈԱԿ-ի հաղորդագրութենէն։
Կիրակի` Յուլիս 19-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տաղաւար տօնին առիթով, եպիսկոպոսական Պատարագին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան յատուկ կերպով հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցած է ՀՀ հիւսիսարեւելեան սահմանին` հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ վերջին օրերու մարտական գործողութիւններուն ժամանակ նահատակուած` ՀՀ ԶՈւ քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանի, ՀՀ ԶՈւ հրամանատար Սոս Էլբակեանի, ՀՀ զինուած ուժերու կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանի եւ Գրիշա Մաթեւոսեանի հոգիներու խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղած են Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկադի Տօնոյեան, մարդասիրական խումբի բոլոր անդամները, այլ պաշտօնատար անձինք:
Աղօթք մատուցուած է նահատակ զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար` մաղթելով, որ ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն:
