Քիմ Քարտաշեան Կը Քննադատէ Ատրպէյճանը եւ Իր Կողմնակիցներուն Կոչ Կ՛ընէ Աջակցելու Հայաստանին

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան Tweeter-ի իր էջին վրայ  քննադատած է Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի դէմ:

«Հակառակ շարունակուող համաշխարհային համավարակին` Ատրպէյճան խախտած է համաշխարհային հրադադար հաստատելու ՄԱԿ-ի կոչը` յարձակումներ գործելով Հայաստանի վրայ: Հայաստանի մէջ քաղաքացիական կառոյցներ թիրախաւորուած է, եւ Ատրպէյճան այժմ սպառնացած է հարուածել Հայաստանի մէջ գտնուող կորիզային ելեկտրակայանը»,- գրած է ան Twitter-ի իր story-ին մէջ:

«Ես իմ հայրենակիցներուս հետ եմ եւ կ՛աղօթեմ անոնց համար, որոնք երկրին մէջ վերջին լարուածութեան ընթացքին սահմանին են: Ես կոչ կ՛ընեմ խաղաղ հանգուցալուծել այս չհրահրուած յարձակումները համավարակի այս` արդէն իսկ բարդ պայմաններուն մէջ»:

Քարտաշեան կը նշէ նաեւ, որ Քոնկրէսը յաջորդ շաբաթ պիտի քննարկէ Ատրպէյճանին սպառազինութիւններու մատակարարումը եւ ռազմական աջակցութիւնը արգելիլու օրինագիծը:

«Կը խնդրեմ ձեր ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն կոչ ըրէք աջակցելու Հայաստանին»,- գրած է ան: