Պարէտը Կը Յորդորէ Վարդավառը Աւանդական Կերպով Չտօնել

Հայաստան

ՀՀ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեան կոչ ըրած է եւ յորդորած զերծ մնալ Յուլիս 19-ին Վարդավառը «աւանդական կերպով տօնելու գայթակղութենէն», խուսափելու մարդաշատ վայրեր յաճախելէ ու մարդկային կուտակումներ ենթադրող ձեռնարկներէ:

«Վարդավառի նման ձեռնարկ իրականանցնելը պարարտ հող պիտի ստեղծէ ժահրի բուռն տարածման համար, եւ օրեր անց կ՛ունենանք վարակակիրներու թիւի շեշտակի աճ` այդպիսով վտանգ ստեղծելով հանրային առողջութեան համար, լարուածութիւն յառաջացնելով ծանրաբեռնուած առողջապահական համակարգին համար եւ խաթարելով առկայ հաւասարակշռութիւնը»,- ըսած է պարէտը:

 Ան յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը առաւել մեծ հսկողութիւն պիտի իրականացնէ հանրային վայրերու մէջ` կուտակումները կանխելու նպատակով: