Յուլիս 12-14 Հակառակորդը 50-է Աւելի Արկ Արձակած է Հայկական Բնակավայրերու Ուղղութեամբ

Հայաստան

Ատրպէյճանական կողմը Յուլիս 12-14-ի կէսգիշերը 50-է աւելի արկ արձակած է հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ: Աս մասին Յուլիս 15-ին, Իջեւանի մէջ` ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարաշտապային բաժանմունքի պետ, ՊՆ նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան ցոյց տուած է այդ արկերու բեկորներէն մէկը, նշելով, որ նման շատ բեկորներ յայտնաբերուած են:

«Ճիշդ է՝ կը պահպանուի հրադադարը, բայց մեր զինուած ուժերը բարձր մարտունակութեան մէջ են, զգօն են, լիարժէք կը տիրապետեն իրավիճակին, կը հետեւին հակառակորդի զարգացումներուն եւ պատրաստ են հակառակորդին որեւէ սադրաքին` ցամաքային թէ օդային, անհրաժեշտ հակահարուած տալու»,- ըսած է ան: