
ՀՀ ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կը Չեզոքացնեն Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու Սադրանքները
Գիշերը՝ ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ՀՀ ԶՈւ դիրքապահները նկատած են հակառակորդի շարժ։ Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխած են հակառակորդի ներթափանցման փորձը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջին մօտ մէկ ժամ առաջ կատարուած գրառումէն։
Ըստ Ստեփանեանի՝ թէժ մարտէ ետք հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած է։
«Այնուհետեւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, ժամը 05:20-ին, սկսած են հրետակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը՝ կիրառելով ականանետ եւ Դ-30 հաուպից: Կրակը այս պահուն ալ կը շարունակուի»,- նշած է ՊՆ մամուլի խօսնակը։
Ան նշած է, որ ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները կը չեզոքացնեն ատրպէյճանական զինուած ուժերու սադրանքները։
«Ասիկա երէկ ժամը 00:15-էն հաստատուած փխրուն հրադադարի առաջին կոպիտ խախտումն է»,- ընդգծած է Շուշան Ստեփանեան։