ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի ՊՆ Կողմէ Մեծամօրի Հայկական Աթոմային Ելեկտրակայանի Հրթիռակոծման Վերաբերեալ Սպառնալիքին Առնչութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հնչեցուցած սպառնալիքը՝ հրթիռակոծելու Մեծամօրի Հայկական աթոմային ելեկտրակայանը՝ կը վկայէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան յուսահատութեան մակարդակի եւ մտքի ճգնաժամին մասին:

Այն գործողութիւնները, որոնցմով կը սպառնայ Ատրպէյճանի ՊՆ-ն, կը հանդիսանան ընդհանուր առմամբ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ, մասնաւորապէս, Ժընեւեան խորհրդաժողովի առաջին լրացուցիչ արձանագրութեան աղաղակող խախտում: Նմանօրինակ սպառնալիքները պետական ահաբեկչութեան ուղղակի դրսեւորում են եւ կ՝արտայայտեն Ատրպէյճանի ցեղասպան մտադրութիւնները:

Աւելին, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը նման յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ իբրեւ սպառնալիք տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, ներառեալ՝ սեփական ժողովուրդին համար:

Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի հնչեցուցած միջուկային սպառնալիքները, որոնք կը վկայեն միջազգային հանրութեան այդ անդամի ողջամտութեան եւ պատասխանատւութեան բացարձակ բացակայութեան մասին:

Ատրպէյճանը պէտք է օր առաջ հրապարակայնօրէն հրաժարի այս սպառնալիքներէն: