Կամաւորագրման Անհրաժեշտութիւն Այս Պահուն Չկայ. ՀՀ ՊՆ

Հայաստան

Վերջին օրերուն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հազարաւոր զանգեր եւ նամակներ կը ստանայ անհատ քաղաքացիներէ, ինչպես նաեւ ազատամարտիկներու առանձին խումբերէ ու կազմակերպութիւններէ՝ կամաւորագրուելու եւ սահմանամերձ շրջաններ մեկնելու խնդրանքով։
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջին եղած յայտարարութենէն։

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ մեր քաղաքացիներուն՝ Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան գործին աջակցելու պատրաստակամութեան համար, այդուհանդերձ կը յայտնէ, որ մեր ժողովուրդի անկոտրում ու մշտապէս պայքարի պատրաստ հայրենասէրներու այդ կորիզի՝ երկրապահներու, ազատամարտիկներու եւ առանձին քաղաքացիներու կամաւորագրման անհրաժեշտութիւն այս պահուն չկայ։

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կը շարունակէ վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները, լիարժէք վերահսկել իրադրութիւնը սահմանի ողջ երկայնքով՝ արժանի հակահարուած հասցնելով հակառակորդին ցանկացած սադրանքի պարագային։

Կամաւորագրուելու անհրաժեշտութիւն յառաջանալու պարագային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ յատուկ յայտարարութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։