
Մենք Պատրաստ Ենք Առնուազն Համարժէք Պատասխանելու Մեր Սահմանի Վրայ Յարձակած Թշնամիին․ Արմէն Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Հայաստանի պետական սահմանի Տաւուշի հատուածի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, հրամանատար Սոս Էլբակեանը՝ Արիութեան մետալով, կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը՝ Մարտական ծառայութեան մետալով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
«Խորին ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ մեր պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն: Կը խոնարհիմ անոնց անմար յիշատակին առջեւ»,- այսօր, նախագահական նստավայրին մէջ կայացած արարողութեան ժամանակ, ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան: Նախագահը շուտափոյթ ապաքինում եւ կազդուրում մաղթած է վիրաւորներուն, իսկ սահմանին կանգնած մեր զինծառայողներուն, սահմանամերձ բնակավայրերո մեր հայրենակիցներուն՝ հաստատակամութիւն եւ տոկունութիւն։
Նախագահ Սարգսեանի հրամանագրերով զօրավար-հրամանատարի զինուորական կոչումներ շնորհուած են խաղաղապահ ուժերու բաժանմունքի հրամանատար, գնդապետ Արտակ Տօնոյեանին, 1-ին բանակային հատուածի հրամանատար, գնդապետ Ժիրայր Պօղոսեանին, 5-րդ բանակային հատուածի հրամանատար, գնդապետ Անդրանիկ Փիլոյեանին:
Բարձր կոչումներու արժանացած զինուորականներուն նախագահը յանձնած է հրամանատարի ուսադիրները եւ մաղթած յաջողութիւններ իրենց դժուարին եւ պատասխանատու ծառայութեան մէջ: «Դուք հրամանատարի կոչման արժանացած էք անցած երկար ու դժուարին ճանապարհին համար,- նշած է Հանրապետութեան նախագահը: -2020 թուականի Յուլիս 12-էն ետք մենք կրկին այլ կերպ կ՝ընկալենք զինուորականի ու հայրենիքի պաշտպանի դերը, անոնց աշխատանքն ու ծառայութիւնը, հայրենիքի համար կեանքը նուիրաբերելու անոնց պատրաստակամութիւնը։ Եւ դուք անոնցմէ մէկն էք:
Դուք ձեր կոչումները կը ստանաք մեր հայրենիքին համար բարդ օրերուն, երբ Ատրպէյճանը ռազմական գործողութիւններ սկսած է մեր պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին ուղղութեամբ։ Անոնք ռազմական յարձակման բացայայտ փորձեր են, որոնք դատապարտուած են անփառունակ վախճանի»։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծած է, որ այդ յարձակումը թշնամանքի եւ ատելութեան հերթական դրսեւորումն է Ատրպէյճանի կողմէ: «Ատրպէյճանի քայլերը որեւէ մարդկային տարր չունին իրենց մէջ։ Այսօր ամբողջ աշխարհը մեծ ճակատամարտի մէջ է եւ կը պայքարի «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ: Անիկա կը ստիպէ աշխարհին դառնալ աւելի մարդկային եւ կեանքեր փրկել: Որքան անպատասխանատու, անմարդկային պէտք է ըլլաս, որ ե՛ւ քու սեփական երկրի, ե՛ւ Հայաստանի համար այս դժուարին օրերուն նախայարձակ ըլլաս եւ սահմանի վրայ մեծ լարում ստեղծես, որուն զոհ կ՝երթան մարդիկ։ Անշուշտ, իրավիճակը կը գտնուի մեր զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։ Թէեւ մենք նախայարձակ չենք, սակայն մեր զինուժը կը շարունակէ մնալ իրավիճակ եւ պայմաններ թելադրողի դերին մէջ»։
Նախագահ Սարգսեան շեշտած է, որ մեր բանակը խաղաղութեան բանակ է, մեր զինուորը խաղաղարար է ու խաղաղապահ։ Բայց անոնք ցանկացած պահու պատրաստ են եւ կրնան յաղթել թէ՛ ցանկացած մարտի մէջ, թէ՛ պատերազմի մէջ։ «Եթե Ատրպէյճանը կը նախընտրէ ուժի լեզուն, ուրեմն, մեր ողջ խաղաղասիրութեամբ հանդերձ, մենք պատրաստ ենք առնուազն համարժէք պատասխանելու մեր սահմանի, մեր քաղաքացիի, մեր ընտանիքի, մեր օճախի վրայ յարձակած թշնամին,- ըսած է Արմէն Սարգսեանը։ -Հայաստանի համար թանկ է իր յուրաքանչիւր քաղաքացիի, իւրաքանչիւր զինծառայողի կեանքը, իւրաքանչիւր թիզ հողը։ Մենք պատրաստ ենք եւ ի զօրու ենք պաշտպանելու մեզի, մեր տարածքները։ Մենք պիտի շարունակենք յաղթել, որովհետեւ ունինք խիզախ զինուոր, խիզախ սպայ, խիզախ զօրավար եւ յաղթական բանակ։ Բանակ, որ մեր միասնութեան, հպարտութեան եւ ազգային արժանապատւութեան ամուր սիւնն է»։
Վերստին ընդգծելով, որ բանակը մեր յաղթանակներու հիմնական գրաւականն է, նախագահ Սարգսեան միաժամանակ նշած է, որ ուժեղ բանակ ունենալու համար պէտք է ունենալ հզօր տնտեսութիւն: «Եւ ամենակարեւորը. մենք պէտք է ըլլանք միասնական, համախմբուած: Յուլիս 12-էն ի վեր աւելի ու աւելի է կը գիտակցուի ազգային միասնութեան անհրաժեշտութիւնը»:
Դիմելով նորընծայ հրամանատարներուն՝ նախագահը ըսած է, որ, վստահաբար, անոնք մէկ անգամ չէ, որ զգացած են միասնութեան ուժը: «Հիմնուելով ձեր օրինակին վրայ՝ պարտքս կը համարեմ կրկին կոչով դիմելու մեր հայրենակիցներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ Սփիւռքի մէջ, անոնց, որոնք կը մասնակցին մեր կեանքին, նաեւ անոնց, որոնք աշխուժօրէն կ՝օգտագործեն առցանց աշխարհը. մեր սահմանին կանգնած զինուորին, սպային ու հրամանատարին անհրաժեշտ է իր թիկունքին զգալ մեր ազգային միասնութիւնը, համախմբուածութիւնը, մեր ազգային ոգիի ուժը,-ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Ես կը խնդրեմ այս դժուար պահերուն ըլլալ հանդուրժող եւ զուսպ: Պէտք է ձեռնպահ մնալ զիրար թիրախաւորելէ, քաղաքական հակառակորդներ կամ անձնական թշնամիներ փնտռելէ, զիրար վիրաւորելէ: Պէտք է յիշենք, որ յանուն հայրենիքի անվտանգութեան՝ վաղը կրնանք ըլլալ նոյն խրամատի մէջ, կողք-կողքի:
Մեր պատմութեան բոլոր դժուար պահերուն մէկ կողմ դրած ենք մեր տարաձայնութիւնները, դարձած մէկ բռունցք: Այդպէս եղած է ե՛ւ Սարդարապատի ճակատամարտին, ե՛ւ 1990-ականներու սկիզբը, երբ համախմբուելով, ստեղծեցինք տարածաշրջանի ամենահզօր բանակը եւ յաղթանակներ տարինք: Այդպէս եղած է նաեւ 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն, երբ Սփիւռքէն մինչեւ Արցախ, Հայաստան բոլորս մէկ էինք, քանի որ գիտէինք՝ այս պահուն ունինք մէկ խնդիր՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Այդպէս էինք երկու տարի առաջ, երբ 2018 թուականի Ապրիլին, հակառակ որ Հայաստանի մէջ տեղի կ՝ունենային բուռն քաղաքական իրադարձութիւններ, բոլորը՝ ե՛ւ իշխանութիւնը, ե՛ւ ընդդիմութիւնը, Ապրիլ 24-ին եւ 25-ին մէկ կողմ դրին մեր տարաձայնութիւնները եւ ցոյց տուինք աշխարհին, որ կրնանք ըլլալ տարբեր, բայց Ապրիլ 24-ին՝ մեր ազգային ողբերգութեան օրը, հանդէս գալ իբրեւ մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ: Այդպէս է եւ այսօր:
Այս պահուն ես կ՝ուզեմ օգտագործել առիթը եւ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն՝ ե՛ւ ազգային ժողովի մէջ ե՛ւ անկէ դուրս, ե՛ւ իշխանամէտ, ե՛ւ ընդդիմադիր, որովհետեւ անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը այսօր յայտարարած է, որ այս պահուն պէտք է մէկ կողմ դնել մեր տարաձայնութիւնները եւ միաւորուիլ, որովհետեւ մեր դրան առջեւ կրկին վտանգն է եւ թշնամին»:
Բարձրաստիճան զինուորականները շնորհակալութիւն յայտնած են Հանրապետութեան նախագահին եւ հաւաստիացուցած, որ պատրաստ են լուծելու իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները՝ իրենց ողջ կարողութիւններն ու գիտելիքը, փորձը եւ հմտութիւնները շարունակելով ծառայեցնել Հայրենիքին: