
Հայ-ատրպէյճանական Սահմանագօտիին Վրայ Վիրաւորուած Զինծառայողները Բուժում Կը Ստանան
Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ ծաւալած գործողութիւններուն ընթացքին տարբեր աստիճանի վիրաւորուած տասը զինծառայող այժմ բուժում կը ստանայ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանի Facebook-ի էջին կատարուած գրառումէն։
Ըստ ՊՆ խօսնակին՝ մէկ զինծառայող կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, իսկ հինգ զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան` դրական շարժով։
«Միւսները յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին կը վերադառնան շարք»,- գրած է Շուշան Ստեփանեան, առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով տղոց։ Խօսնակը նաեւ անդրադարձած է զինուորական բժիշկներուն, նշելով, որ անոնք պատուով կը կրեն իրենց վեհ կոչումը։