
Միացեալ Նահանգները Հայաստանին ու Ատրպէյճանին Կոչ Կ՛ընէ Անյապաղ Դադրեցնելու Ուժի Կիրառումը
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային լարուածութեան առնչութեամբ` կողմերուն կոչ ըւնելով դադրեցնելու ուժի կիրառումը:
«Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտէ բռնութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք անյապաղ դադրեցնելու ուժի կիրառումը, օգտագործելու անոնց միջեւ ուղիղ հաղորդակցութեան առկայ խողովակները` յետագայ սրումէն խուսափելու համար եւ խստօրէն պահպանելու հրադադարը:
Որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող` Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ յանձնառու մնալ աջակցութեանը կողմերուն` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական, խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար: Մենք աշխոյժօրէն ներգրաւուած պիտի ըլլանք այդ նպատակին հասնելու ջանքերուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներ կը միանայ Մինսկի խումբի համանախագահներուն` կոչ ընելով կողմերուն հնարաւորինս արագ վերսկսելու բովանդակային բանակցութիւններ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: