
Դաշնակցութիւնը Կանգնած է Հայոց Յաղթական Բանակի Կողքին. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
Հերթական անգամ Ատրպէյճանը կը դիմէ յարձակման: Իր երկրի ներքաղաքական անյաջողութիւններէն ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով՝ այս անգամ թիրախաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածը, հրետակոծուած են նաեւ խաղաղ բնակավայրեր: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու տարածքներու նկատմամբ Ատրպէյճանի ռազմական ոտնձգութիւններու փորձերը ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա՝ դատապարտուած են ձախողման հայոց փառապանծ բանակի արհեստավարժ եւ հայրենանուէր հակազդման շնորհիւ:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անթաքոյց կը յայտնէ իր սատարումը Ատրպէյճանի զաւթողական գործողութիւններուն՝ հերթական անգամ ապացուցելով ազգային թշնամանք ու ատելութիւն քարոզող վարչակազմերու էութիւնը: Դէպի Հայն ու Հայաստանը ուղղուած անոնց կոյր ատելութեան դէմ հանդիման կանգնած է հայ ժողովուրդը՝ իր հայրենիքի համար մղուող սրբազան պայքարով: Պատմութեան ընթացքին բազմիցս ապացուցուած է հայրենիքի պաշտպանութեան հարցով հայոց միասնականութիւնը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, իր աշխարհասփիւռ կառոյցով վճռականօրէն կանգնած է Հայոց յաղթական բանակի, անոր զինուորի ու սպայի կողքին՝ հայրենիքի պաշտպանութեան առաջնային դիրքերուն վրայ:
Միաժամանակ կը փաստենք՝ միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքակիրթ մարդկութիւնը պէտք չէ անտարբեր մնան թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի ռազմատենչ վարքագիծին նկատմամբ, հակառակ պարագային` անիկա կործանարար պիտի ըլլայ ինչպէս փխրուն զինադադարի, այնպէս ալ տարածաշրջանի համար:
Ուստի, դիմելով միջազգային հանրութեան, կոչ կ՝ընենք ոչ թէ կողմերուն հերթական` համարժէք զսպուածութեան յորդորներ ընելու, այլ յստակ գնահատելու թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը եւ համարժէք միջոցներ ձեռնարկելու արհաւիրքէն խուսափելու համար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմին