
Ատրպէյճանի Թշնամական Գործողութիւնները Պիտի Ստանան Համարժէք Պատասխան. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ
ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան համարժէք պատասխան, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը: «Արմենփրեսե»-ի հաղորդմամբ` այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմէ Բերդ քաղաքի հրետանակոծման փաստը:
«Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր թշնամական գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին` դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը: Այսօր հարուածային ԱԹՍ-ի միջոցով հրետանակոծման ենթարկուած է Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները»,-գրած է Նաղդալեան:
Ան շեշտած է, որ ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը: