
Սուրբ Սոֆիայի Դէմ Տրուած Որոշումը Նոր Օսմանականութեան Մէկ Արարն Է. Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հիւրն էր «Օ.Թի.Վի.» կայանի «Ռահ նեպքա սաուա» հաղորդումին: Ըստ «Ազդակ»-ի, հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանգամանօրէն անդրադարձաւ երկիրը յուզող հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լոյսին տակ ներքաղաքական իրավիճակին, հիմնաւորեց գործող կառավարութեան նկատմամբ Դաշնակցութեան զօրակցական կեցուածքը` համալիբանանեան շահերէ մեկնած եւ խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան քաղաքական համագործակցութեան եւ ինքնուրոյն դիրքորոշումներուն մասին:
Յ. Բագրատունի խօսեցաւ տնտեսական եւ Ֆինանսական տագնապի մէջ յայտնուած լիբանանցի քաղաքացիին առօրեային եւ ստեղծուած նոր իրավիճակին մասին: Բարենորոգումները անհրաժեշտութիւն նկատելով` ան Լիբանանի հողին վրայ ընթացող Արեւելք-Արեւմուտք պայքարին մէջ անհրաժեշտ նկատեց ազգային սկզբունքներու հիման վրայ կողմնորոշումները:
Երեսփոխան Բագրատունի ճիշդ չնկատեց լիբանանեան կողմերուն այս կամ այն օտար պետութեան դաշնակից յայտարարելը, ինչ որ լուրջ հարուած կը հասցնէ Լիբանանի գերիշխանութեան:
Հարցազրոյցին առիթ եղաւ անդրադառնալու Սուրբ Սոֆիայի տաճարը վերստին մզկիթի վերածելու երեւոյթին: Յ. Բագրատունի արարքը նկատեց նոր օսմանականութեան հաստատման մէկ փուլը եւ ժխտողականութեան հերթական դրսեւորումը: