Մնացականեան ու Լաւրով Քննարկած են Սահմանի Լարուած Իրավիճակը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան ու Սերգէյ Լաւրով այսօր քննարկած են լարուած իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ այն յաղթահարելու ուղիները:

Արտաքին գործող նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ Մնացականեան բացարձակ անընդունելի համարած է Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումը, որ ուղեկցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին տեղակայուած ՀՀ զինուած ուժերու յենակէտի հանդէպ ոտնձգութեան փորձով: