Մարտակերտի Մէջ Սալարկղային Դամբարաններ Յայտնաբերուած Են

Այլեւայլ, Հայաստան

Յուլիս 11-ին, պատմական միջավայրի պահպանութեան Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեան յայտնած է, որ շինարարական աշխատանքներու ժամանակ շրջկեդրոնի Րաֆֆիի փողոցին վրայ յայտնաբերուած է սալարկղային դամբարան: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ՝ խումբ մը հնագէտներ՝ անմիջապէս այցելած են պեղավայր. դամբարանի ուսումնասիրութիւնները ընթացքի մէջ են:

«Ըսեմ, որ նման վաղ քրիստոնէական սալարկղային թաղումներու Արցախի մէջ յաճախակի կը հանդիպինք: Յայտնաբերուած կմաղքը՝ մշակուելէ ետք՝ կը տեղափոխուի Մարտակերտի պատմաերկրագիտական թանգարան: Ի դէպ, այսօր  մեզի հետ կրկին կապուած է Աւետիք Աղաբեկեանը եւ տեղեկացուցած, որ նոյն   վայրին մէջ, շինարարական աշխատանքներու ժամանակ, յայտնաբերուած է եւս  երկու դամբարան: Այս պահուն շինաշխատանքները դադրեցուած են տուեալ  տարածքին մէջ. կ՝իրականացուին ուսումնասիրութիւններ»,- մասնաւորապէս ըսած է Ա. Հայրապետեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է հնագիտական արշաւախումբի անդամներուն՝ անմիջական արձագանգին եւ ուսումնասիրութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի քաղաքապետին, որ անձամբ հետեւած է գործընթացին:

«Կը խնդրենք մեր քաղաքացիներուն, որ, եթէ, երբեւէ հանդիպին նման դէպքերու՝ անմիջապէս կապ ապահովեն շրջանային ծառայութիւններու պետերուն հետ»,- նշած է Արմինէ Հայրապետեան: