Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Վիճակը Ամբողջովին Կը Վերահսկուի. Դաւիթ Տօնոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Յուլիս 13-ի ՀՀ կառավարութեան արտահերթ նիստին, ներկայացուց հայ-ատրպէյճանական սահմանին Յուլիս 12-ին տեղի ունեցած միջադէպին մանրամասները եւ ներկայիս տիրող իրավիճակը։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ Յուլիս 12-ին 12։30 սահմաններուն հայկական դիրքերէն մէկուն մօտեցած է «ՈՒԱԶ» մակնիշի ինքնաշարժ մը ու անհասկնալի պատճառներով զինուորները դուրս ելած են ինքնաշարժէն ու շարժած են դէպի հայկական դիրքը։

«Դիրքը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վրայ, անմիջապէս ՀՀ սահմանին վրայ։ Քանի որ շարժումը անսպասելի էր մեր զինծառայողներուն համար, զինծառայողները վերադասին զեկուցելով կը ստանան հրահանգ՝ հաշուի առնելու ատրպէյճանական զինծառայողներուն մոլորուածութիւնը,  աշխարագրութեան կամ իրավիճակին չտիրապետելու հաւանականութիւնը․  հակառակորդին կոչ կ՝ուղղուի լքելու տարածքը, որ եւ կ՝իրականացուի։ Ձգելով ինքնաշարժը՝ Ատրպէյճանի զինծառայողները կը վերադառնան իրենց դիրքերը, որմէ ետք կը սկսի 82 մմ ականանետերով հրետակոծութիւն դէպի նոյն դիրքը, ինչպէս նաեւ մարտական խումբերու շարժ դէպի այդ դիրք, որ կասեցուած է հրետակոծութեամբ եւ համապատասխան գործողութիւններով։ Հակառակորդը, կրելով կորուստներ, նահանջած է»,- ըսած է Տօնոեանը։

Նախարարին խօսքով՝ մինչ այժմ նոյն սենարով տարբեր տրամաչափի հրետանիի օգտագործմամբ պարբերաբար 15-25 րոպէն մէկ Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն հրետակոծութիւնը կը սկսի․ դադարը եղած է գիշերը 3։30-5։30 ընթացքին։

«Բոլոր հրետակոծութիւնները կը թիրախաւորուին դիպուկահար կրակով, կը լռեցուին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հակառակորդը ունի զգալի կորուստներ։ Մեր զինուած ուժերը եւ համապատասխան բաժանմունքը կը շարունակեն սահմանի պահպանութիւնը։ Իրավիճակը ամբողջովին կը վերահսկուի եւ կառավարելի է»,- յայտնեց Տօնոյեան։