
Հակառակորդը Վերսկսած Է Սադրիչ Գործողութիւնները
Երկու-երեք ժամուան դադարէ մը ետք՝ առաւօտեան, հակառակորդը վերսկսած է սադրիչ գործողութիւնները՝ շարունակելով հրետակոծել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«ԶՈւ ստորաբաժանումներուն կողմէ տրուած է համարժէք պատասխան։ Չի բացառուիր հակառակորդի կորուստներու աճ»,- գրած է Շուշան Ստեփանեան: