
Կասկած Չկայ, Որ Մեր Զինուած Ուժերը Կը Պահպանեն ՀՀ Սահմաններուն Անձեռնմխելիութիւնը. ՀՀ Վարչապետ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հաւաստիացումով՝ ՀՀ Զինուած ուժերը վստահօրէն կը տիրապետեն սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած իրավիճակին: Այս մասին վարչապետը յայտնեց կառավարութեան այսօրուան արտահերթ նիստին ընթացքին:
«ՀՀ Զինուած ուժերը վստահօրէն կը տիրապետեն իրավիճակին, եւ որեւէ կասկած չկայ, որ մենք, մեր Զինուած ուժերը ի վիճակի են եւ կը պահպանեն ՀՀ սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը»,- ըսաւ վարչապետ Փաշինեան: