
Ատրպէյճան 7 Արկ Արձակած է Չինարի Գիւղի Ուղղութեամբ
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը 82մմ տրամաչափի ականանետէն եօթ արկ արձակած են Չինարի բնակավայրի ուղղութեամբ:
Տուժածներ չկան, վնասուած է բնակելի տուներէն մէկուն տանիքը, հաղորդած է ՊՆ խօսնակը:
Այնուհետեւ Ստեփանեան ֆէյսպուքի մէջ նոր գրած է.
«Քիչ առաջ ատրպէյճանական զինուած ուժերը 120մմ տրամաչափի ականանետէն երէք արկ են արձակել Չինարի բնակավայրի ուղղութեամբ: Արկերէն մէկը ինկած է տան մը վրայ, երկուքը` բակը: Տուժածներ չկան»: