Ատրպէյճանական Կողմը Չորրորդ Զոհի Մասին Յայտնած Է

Աշխարհ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած միջադէպին հետեւանքով զոհուած է ատրպէյճանական զինուժի զինծառայող մը եւս: Ըստ Armradio.am-ի՝ Ատրպէյճանի ՊՆ-ն յայտնած է, որ զոհուած է աւագ քսանապետ Մահմուտով Ռաշատ Ռաշիտ օղլին։

Այսպիսով ատրպէյճանական կողմը կը յայտնէ 4-րդ զոհին մասին: Յուլիս 12-ին, Ատրպէյճան յայտնած էր 3 զոհի մասին: