Ամերիկեան Թերթեր Կ՛անդրադառնան Սպիտակ Տան Բանբերին Արտասանած Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկեան կարգ մը լրատուամիջոցներ կայծակնային արագութեամբ անդրադարձան Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄքԷնենիի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին  կատարած ակնարկին: Այս մասին կը հաղորդէ
«Ազատութիւն»-ը։

«Սպիտակ տունը վերջապէս, հաւանաբար՝ ոչ դիտումնաւոր կերպով, յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը՝ շարունակելով. «Վարչակազմը հիմա կրնայ պնդել, թէ բանբերը պարզապէս յուշարձանը կոչած իր անունով, բայց նոյնիսկ ատիկա արգիլուած էր Սպիտակ տան մէջ»:

«Պիզնըս Ինսայտըր» թերթը այս գծով յստակացում խնդրեց արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ հարց տալով, որ Սպիտակ տան բանբերին յայտարարութիւնը կը նշանակէ, թէ Թրամփի վարչակազմը կը ճանաչնա՞յ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախարարութիւնը առաջարկեց դիմել Սպիտակ տան բանբերին, որ տակաւին չէ արձագանգած թերթին հարցումին։ Թերթը այս գծով դիմեց նաեւ Թուրքիոյ դեսպանատան, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած: