ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի Ամառնային Շրջանի Արձանագրութիւնը սկսած է

Սփիւռք

Մեկնարկած է ՀԲԸՄ Հայկական համացանցային համալսարանի (Armenian Virtual Collage ) ամառնային ուսումնական շրջանի արձանագրութիւնը:

Դասընթացները պիտի կազմակերպուին անվճար հիմունքներով եւ հասանելի պիտի ըլլան տարբեր լեզուներով` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:

Առաջարկուող դասընթացներն են.

  –  արեւելահայերէն

  –  արեւմտահայերէն

  –  հայոց պատմութիւն

  –  հայկական ճարտարապետութեան ներածութիւն

  –  հայկական երաժշտութեան ներածութիւն

  –  շախմատ

Ուսանողները պիտի ստանան իրենց աւարտած դասընթաց(նէե)ը մշտապէս դիտելու հնարաւորութիւն: Ուսումնական շրջանը պիտի մեկնարկէ Յուլիս 20-ին եւ պիտի աւարտի Սեպտեմբեր 22-ին:

Արձանագրութեան յայտը կրնաք լրացնել այս յղումով: